2013-09-19 14:06:03

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` Բացատրուած Երիտասարդներուն


Զրոյց յիսունհինգերորդ – Ներմուծման խորհուրդները ­ Մկրտութիւնը - 2
Հարցում թիւ 198. Ո՞վ իրաւունք ունի մատակարարելու Մկրտութիւնը։
Ընդհանրապէս Եպիսկոպոսն է, Վարդապետ մը կամ Սարկաւագ մը որոնք կրնան մատակարարել Մկրտութեան խորհուրդը։ Իսկ ի հարկին` ամէն քրիստոնեայ։ Այո, ամէն մարդ կրնայ մկրտել, մկրտեալի գլխուն վրայ ջուր թափելով եւ մկրտութեան բանաձեւը արտասանելով, որ է. ՙԵս կը մկրտեմ քեզ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ ՚
Մկրտութիւնը այնքան կարեւոր է, որ նոյնիսկ ոչ­քրիստոնեայ մը կրնայ զայն մատակարարել. Բաւ է միայն որ դիտաւորութիւնն ունենայ կատարելու այն ինչ որ կ՛ընէ Եկեղեցին` երբ կը մկրտէ։
Հարցում թիւ 199. Արդեօ՞ք Մկրտութիւնը իսկապէս միակ ճանապարհն է փրկութեան։
Բոլոր անոնց համար որոնք ընդունեցան Աւետարանի քարոզութիւնը եւ իմացան որ Յիսուս է ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը (Յովհաննէս, 14,6),Մկրտութիւնը միակ ճամբան է որ կը տանի դէպի Աստուած եւ դէպի փրկութիւն։ Սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ որ Քրիստոս մեռաւ բոլորին համար. Ուստի բոլոր մարդիկը հրաւիրուած են փրկուելու, նոյնիսկ անոնք որ առիթը չունեցան ճանչնալու իրապէս Քրիստոսը եւ հաւատքը, սակայն կը փնտռեն զԱստուած անկեղծ սրտով եւ կ՛ապրին կեանք մը համաձայն իրենց խղճին. Ասիկա կը կոչուի` փափաքի մկրտութիւն։
Աստուած փրկութիւնը կապած է խորհուրդներուն. Այդ պատճառաւ` Եկեղեցին զանոնք շնորհելու է մարդկութեան առանց դադարի։ Հրաժարիլ այս առաքելութենէն` կը նշանակէ դաւաճանել Աստուծոյ հրահանգին։ Սակայն Աստուած ինքնին կապուած չէ իր խորհուրդներուն. Հոն ուր Եկեղեցին չի հասնիր, կամ կը ձախողի ­ իր յանցանքով, կամ որեւէ ուրիշ պատճառաւ ­ Աստուած ինքը կը բանայ մարդոց առջեւ տարբեր ճամբայ մը դէպի փրկութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.